2015-01-09 12:20:15

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 9 յունուարի քարոզը` ''Ով որ Աստուած կը սիրէ ազատ է''։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 9 յունուար 2015-ին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը , Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացին արտասանած քարոզին մէջ յայտնեց թէ ''լոկ Սուրբ Հոգին է որ մարդուն սիրտը կը վերածէ հլու Աստուծոյ հանդէպ եւ ազատութեան։ Կեանքի ցաւերը կրնան մարդը ինքնիր մէջ փակել մինչ՝ սէրը զինք ազատ կը դարձնէ։
Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով օրուան Ղուկաս աւետարանիչի սուրբ գրային ընթերցումին, ուր կը խօսուի հացերու բազմապատկութեան հրաշքի մասին եւ Յիսուսի ջուրերուն վրայ քալելու մասին, մատնանշեց թէ ''առաքեալները վախցան այս դէպքէն որովհետեւ անոնք չէին հասկացած հրաշքին իմաստը՝ իրենց սրտերու կարծրութեան հետեւանքով'' ու մատնանշեց թէ սիրտ մը կրնայ կարծր ըլլալ զանազան պատճառներու համար, զոր օրինակ ցաւալի փորձառութիւններ ապրելու հետեւանքով։
Կարծր սիրտ ունեցող մը չի կրնար ինքզինք ազատ զգալ որովհետեւ ան անկարող է սիրելու։ Ճշմարիտ սէրը ոտնակոխ կ՝ընէ վախը - հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու քարոզին աւարտին ընդգծեց թէ Սուրբ Հոգին է որ կը սորվեցնէ սիրել եւ թէ Ան է որ կ՛ազատէ կարծրացած սիրտերը։ Սուրբ Հոգին է որ սիրտը կը մղէ կոչելու` ''Հայր'', Ան միայն կարող է սիրտը փափուկ դարձնելու` հլու Տիրոջ հանդէպ ու հլու սիրոյ ազատութեան։


















All the contents on this site are copyrighted ©.